2011-12-29 14:12:08

Կարտինալ Թիւրքսոն Հրաւիրուած Է Մասնակցելու Տավոսի ժողովին` 2012ի նիւթն է ''Մեծ Յեղաշրջումը''։


Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդի նախագահ կարտինալ Թիւրքսոն պիտի մասնակցի Տավոսի տարեկան ժողովին, յայտարարած է Գլաուս Շուապ հիմնադրիրը եւ նախագահը համաշխարհային տնտեսական հաւաքին, որուն աշխատանքները տեղի պիտի ունենան Զուիցերիոյ Կրիզոն շրջանը յունուար 25-29, ունենալով որպէս նիւթ ''մեծ յեղաշրջումը''։
Յայտնենք որ այս ժողովին կը մասնակցին աշխարհի ամենամեծ քաղաքական եւ տնտեսական անձնաւորութիւնները, որոնց ձեռքն է աշխարհին ճակատագիրը։ Այս ժողովին շատ մը նիստերը, նուիրուած են կրօնքի դերին ընկերութիւններու եւ տնտեսութեան մէջ։
Կարտինալ Թիւրքսոն, անցեալ 24 հոկտեմբերին խօսելով միջազգային տնտեսական տագնապին մասին, կոչ ուղղած էր միջազգային հասարակութեան, նախատեսելու համաշխարհային քաղաքական գերիշխանութեան մը ստեղծումը, երաշխաւորելու մարդկային ազգին կենսական բարիքները։
Նշենք որ Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդը ստեղծուած է 1967-ին Պօղոս Զ Քահանայապետի կամքով, ունենալով որպէս առաքելութիւն խաղաղութեան հաստատումը ժողովուրդներու միջեւ եւ եկեղեցւոյ ընկերային ուսուցումի տարածումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.